image

Ատրպէյճանական հեռուստաալիքը պարզաբանած է՝ ինչու չէ ցուցադրուած Արայիկ Յարութիւնեանի հետ հարցազրոյցը

Ատրպէյճանական հեռուստաալիքը պարզաբանած է՝ ինչու չէ ցուցադրուած Արայիկ Յարութիւնեանի հետ հարցազրոյցը

Մարտ 28-ին ատրպէյճանական հեռուստատեսութեամբ պէտք է եթեր հեռարձակուէր հարցազրոյցը բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ, որ անցեալ տարուան սեպտեմբերին ապօրինաբար կալանաւորուած է եւ ներկայիս կը գտնուի Պաքուի բանտին մէջ։

Սակայն յայտարարուած հարցազրոյցը երէկ երեկոյեան եթեր չէ հեռարձակուած։ Հեռուստաալիքի մամուլի քարտուղար Ռուֆաթ Սէիտովը նշած է, որ թէեւ նախապէս յայտարարուած էր, որ հարցազրոյցը պիտի հեռարձակուի մարտ 28-ին, սակայն աւելի ուշ այս տեղեկութիւնը ջնջուած է AzTV-ի ընկերային ցանցերու էջերէն։

«Հարցազրոյցի հեռարձակումը միայն մեզմէ կախեալ չէ։ Մենք կանգնած ենք հարցի առաջ, թէ որքանո՞վ նպատակայարմար է այն հրապարակել հիմա։ Երէկ չէինք ալ յայտարարած, որ հարցազրոյցը պիտի ցուցադրուի երեկոյեան եթերին։ Ճիշդ է, մարտի սկիզբը յայտարարութիւն ըրած ենք, սակայն աւելի ուշ պարզ դարձաւ, որ հարցազրոյցի հրապարակման հետ կապուած որոշ յստակեցումներ անհրաժեշտ են»,-ըսած է ան։

Միաժամանակ Սէյտովը նշած է, որ հարցազրոյցը պիտի հրապարակուի, սակայն յայտնի չէ՝ երբ: