image

Ատրպէյճան տուն կանչեց Իրանի մօտ իր բոլոր դիւանագէտները

Ատրպէյճան տուն կանչեց Իրանի մօտ իր բոլոր դիւանագէտները

Ատրպէյճանը դուրս բերած է իր ողջ դիւանագիտական ​​անձնակազմն Իրանէն։ Այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը մարտ 6-ին Մոլտովայի փոխվարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Միհայ Փոփշոյի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսին։

Պայրամով նշած է, որ նախագահ Իլհամ Ալիեւ որոշած է ամբողջութեամբ դուրս բերել դիւանագիտական ​​անձնակազմը Իրանէն։

«Այս գործընթացը կը վերաբերի ե՛ւ Թեհրանի մէջ գտնուող դեսպանատան, ե՛ւ Թաւրիզի մէջ գտնուող գլխաւոր հիւպատոսութեան։ Այս ուղղութեամբ ներկայիս աշխատանքներ կը տարուին»,-ըսած է Պայրամովը։

Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարը աւելցուցած է, որ հաշուի առնելով տեղի ունեցող զարգացումները, մարդոց կեանքը պէտք չէ վտանգի ենթարկուի։

«Ներկայիս նախապատրաստական ​​աշխատանքներ կը տարուին դեսպանատունը եւ գլխաւոր հիւպատոսութիւնը տարհանելու համար»,-ըսած է ան։

Դիւանագիտական անձնակազմը Իրանէն դուրս բերելու մասին Ատրպէյճանը կը յայտարարէ Իրանի դէմ ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի ռազմական յարձակումէն մէկ շաբաթ անց։ Այս որոշումը յաջորդած է մարտ 5-ին Նախիջեւանի տարածքի, ենթադրաբար, Իրանի կողմէ անօդաչուներով թիրախաւորման մասին լուրերէն ետքա