image

Ատրպէյճան կրակ բացած է Հայաստանի հետ սահմանի արեւմտեան հատուածին

Ատրպէյճան կրակ բացած է Հայաստանի հետ սահմանի արեւմտեան հատուածին

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերթական անգամ ապատեղեկատուութիւն տարածած է, յայտարարելով, թէ իբր 11 յուլիսի երեկոյեան ՀՀ Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան հատուածին տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ։

ՀՀ Պաշտպանութեան բանակէն կը յայտնեն, որ աւելին՝ նոյն ժամանակահատուածին ատրպէյճանական Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները տարբեր, այդ շարքին նաեւ խոշոր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բացած է հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւմտեան հատուածին տեղակայուած հայկական մարտական դիրքերու ուղղութեամբ։

Հայկական կողմի պատասխան գործողութիւններով ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու կրակը լռեցուած է։