image

Ատրպէյճան կրակ բացած է Հաց գիւղի ուղղութեամբ

Ատրպէյճան կրակ բացած է Հաց գիւղի ուղղութեամբ

Նոյեմբեր 18-ին ժամը 12:15-ին Հացի գիւղի 43-ամեայ բնակիչ Իկըր Աբրահամեան ոստիկանութեան Մարտունիի շրջանային բաժին դիմած է այն մասին, որ Հացի գիւղի վարչական տարածքի «Կաղնուն տակ» կոչուող տեղամասին մէջ «Պելառուս» մակնիշի թրաքթորով գիւղատնտեսական աշխատանքներ իրականացնելու ժամանակ, յարակից ատրպէյճանական մարտական դիրքէն հրաձգային զինատեսակներէ կրակ արձակուած է իր ուղղութեամբ։ Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութենէն:

Հրադադարի ռեժիմի խախտման պատճառով աշխատանքները դադարեցուած է։

Վնասուած է թրաքթորի անուաթեւը եւ անուասկավառակը։

Քաղաքացիական անձանց շարքէն տուժածներ չկան։

Ստուգմամբ կը զբաղի ոստիկանութեան Մարտունիի շրջանային բաժինը։ Նիւթեր կը նախապատրաստուին ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին ներկայացնելու համար։