Ատրպէյճանը դիմած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին` Երեւանի այսպէս կոչուած «Թեփեպաշի» (Կոնդ) թաղամասին վերաբերեալ:
Այս մասին յայտարարուած է «Թեփեպաշի թաղամասի ճակատագիրը` ատրպէյճանական վերջին ազգային մշակութային եւ պատմական ժառանգութիւնը Իրեւան քաղաքին մէջ. Հայաստանի մէջ ատրպէյճանական ժողովուրդի ժառանգութեան պատմական հետքերու քանդումն ու ոչնչացումը» հետազօտութեան շնորհահանդէսին ժամանակ:
Նշուած է, որ խումբ մը ատրպէյճանցի գիտնականներ եւ հասարակութեան ներկայացուցիչներ դիմած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր տնօրէն Օտրի Ազուլէին` կապուած Երեւանի մէջ, այդ շարքին` այսպէս կոչուած Թեփեպաշի թաղամասին մէջ ատրպէյճանական ազգային, մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան դէմ «Հայաստանի կողմէ իրականացուող մշակութային ցեղասպանութեան» գործընթացին հետ: