Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգեց Աթէնքի հասցէին թրքական սպառնալիքներուն՝ յայտնելով. «Թուրքիա իրաւունք ունի բոլոր օրինական միջոցներով պաշտպանելու իր շահերը` պայմանով, որ անիկա ընդունի միջազգային օրէնքի արժեչափերը: Սակայն Թուրքիա իրաւունք չունի կոպտօրէն խախտելու միջազգային օրէնքը եւ պատերազմով սպառնալու Յունաստանին: Յունաստան հանդէս կու գայ երկխօսութեան օգտին` միջազգային օրէնքի հիման վրայ, սակայն անհրաժեշտութեան պարագային, պիտի պաշտպանէ իր օրինական շահերը եւ իրաւունքները»:
Եւրոպական յանձնաժողովի արտաքին գործոց յանձնակատար Փիթըր Սթանօ իր կարգին Թուրքիոյ կոչ ուղղեց՝ յարգելու Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու գերիշխանութիւնը: Սթանօ պահանջեց «բոլոր հարցերը լուծել բարի դրացիութեան ոգիով` միջազգային օրէնքին նկատմամբ ամբողջական յարգանքով»:
«Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիոյ շատ յստակ հասկցուցած է Յունաստանի հետ լարուածութիւնը մեղմացնելու գծով իր ակնկալիքները: Անգարա պէտք է անցնի փոխշահաւէտ եւ արդիւնաւէտ համագործակցութեան ո՛չ միայն Յունաստանի, այլ նաեւ ամբողջ Եւրոպական Միութեան հետ», ընդգծեց Սթանօ:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան քննադատեց Միացեալ Նահանգները, Անգարայի եւ Աթէնքի միջեւ վէճին նկատամամբ «կողմնակալ դիրքորոշում եւ անհաւասար վերաբերմունք որդեգրելու» համար: Ըստ անոր՝ Միացեալ Նահանգները «չի կրնար Թուրքիոյ նման այլ դաշնակից գտնել»:
«Միացեալ Նահանգներէն մեր ակնկալիքը այն է, որ Յունաստանը չներգրաւուի սխալ հաշուարկներու մէջ եւ չարտօնուի, որ միջազգային հասարակական կարծիքը շահարկուի», աւելցուց ան:
Էրտողան նաեւ դատապարտեց Կիպրոսի օրինական կառավարութեան զէնք մատակարարելու արգելքը ջնջելու՝ Ուաշինկթընի որոշումը` զայն «անբացատրելի» որակելով եւ սպառնալով, որ այդ քայլը «անպատասխան պիտի չմնայ»։
Յիշեցնենք, որ կղզիին բռնագրաւուած հատուածին վրայ 40 հազար թուրք զինուորներ կը մնան: