29 Օգոստոսի երեկոյեան Աթէնքի մէջ բազմահազարանոց հանրահաւաք տեղի ունեցած է առանձին խումբի պատկանող քաղաքացիներու պարտադիր պատուաստման դէմ. հանրահաւաքէն ետք եղած են ոստիկանութեան հետ խումբ մը երիտասարդներու բախումներ, ոստիկանութիւնը կիրառած Է արցունքաբեր կազ եւ ձերբակալած է 47 մարդ:
Այդ մասին ըսուած Է ոստիկանութեան հաղորդագրութեան մէջ, կը տեղեկացնԷ «Արմէնփրէս»-ը: Անոր տուեալներով՝ «Սինթակմա» հրապարակին մէջ կայացած հանրահաւաքին մասնակցած Է 7,5 հազար մարդ:
«Խումբ մը մարդիկ ժամը 20:15-ին Անյայտ զինուորի յուշարձանի առջեւ յարձակած են ոստիկաններու վրայ, նետած «Մոլոթովի քոքթէյլներ», ազդանշանային հրթիռներ, շիշեր եւ այլ առարկաներ՝ փորձելով ճեղքել արգելաշղթան եւ ուղղուիլ խոհրդարան տանող աստիճաններով»,-ըսուած Է ոստիկանութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Ոստիկանութիւնը գրոհները ետ մղելու համար օգտագործած Է ջրանետ եւ արտասուաբեր կազ:
Հաւաքուածներու հիմնական մասը ցրուած Է, փոքր խումբեր մնացած են «Սինթակմա» հրապարակի ու յարակից փողոցներու մէջ եւ որոշ ժամանակ անց նոյնպէս հեռացած են: Ոստիկանները ձերբակալած են 47 մարդ:
Նման հանրահաւաք տեղի ունեցած է նաեւ Սալոնիկի մէջ, որուն մասնակցած Է քանի մը հարիւր մարդ, հաղորդած Է ՌԻԱ Նովոստին: