Ուսումնական տարեշրջանի աւարտը միշտ ալ պարզ արարողութիւն մը չէ, այլ՝ յիշողութիւններու, երազներու եւ նոր սկիզբներու տօնակատարութիւն։ Այդ ոգիով, Աթէնքի Հ.Բ.Ը.Միութեան «Ա. Գալփաքեան» Վարժարանի Նախակրթարանը իր ամավերջի հանդէսով վերածուեցաւ ուրախութեան, յուզումի եւ հպարտութեան գեղեցիկ հանդիպավայրի մը։
«Երազներ» խորագիրով կազմակերպուած հանդիսութիւնը մէկ անգամ եւս արտացոլացուց այն հարուստ կրթական ու ազգային միջավայրը, որուն մէջ կը կազմաւորուին նոր սերունդները։ Բազմաթիւ հիւրերու, ծնողներու եւ բարեկամներու ներկայութեան, աշակերտները իրենց բազմալեզու ելոյթներով, երգերով, պարերով եւ թատերական ներկայացումներով կեանքի կոչեցին գունագեղ եւ անմոռանալի երեկոյ մը։
Հանդէսը նաեւ առիթ հանդիսացաւ գնահատանքի եւ հրաժեշտի յուզիչ պահերու։ Շրջանաւարտներու խորհրդանշական հրաժեշտը, ինչպէս նաեւ երկարամեայ ծառայութեան համար տրուած երախտագիտական պատիւները, վկայեցին, որ Գալփաքեանը միայն կրթօճախ մը չէ, այլ՝ մեծ ընտանիք մը, ուր նուիրումն ու սէրը կը շարունակեն սերունդէ սերունդ փոխանցուիլ։
Ստորեւ ամավերջի հանդիսութեան մասին «Արեւելք»ին յղուած թղթակցութեան հիմնական մասը։
Օրերս Աթէնքի մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Բ.Ը.Միութեան «Ա. Գալփաքեան» Վարժարանի Նախակրթարանի Ամավերջի հանդէսը:
«Երազներ» խորագիր ունեցող հանդէսը, ինքնաբերաբար լեցուն էր յուզմունքով ու խանդավառութեամբ:
Հանդէսը սկսաւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Յունահայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Խորէն Եպս. Առաքելեանի օրհնութեամբ ու աղօթքով:
Ապա՝ ողջոյնի խօսքեր ուղղեցին Վարժարանի Տնօրէնուհի Տիկն. Սիլիա Խալիոթին, Հայկական Բաժնի Վարիչ Պրն Արման Մէնէնտեանը, Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Պրն Տիգրան Մկրտչեանը, Յունաստանի Հ.Բ.Ը.Միութեան Կեդրոնական Յանձնաժողովի Ատենապետ Դոկտոր Գրիգոր Մարուքեանը եւ «Ա. Գալփաքեան» Վարժարանի Ծնողաց Մարմնի Քարտուղարուհի Տիկն. Մարիանծելա Սքոնտրան:
Հանդիսութիւնը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին նաեւ Յունաստանի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համայնքապետ Վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեանը, Յունաստանի Հ.Բ.Ը.Միութեան Կեդրոնական Յանձնաժողովի Վարչական անդամները, Հայ Իրաւանց Խորհուրդի Ատենապետ՝ Պրն. Լեւոն Աղազարեանը եւ Վարժարանի նախկին Տնօրէն Պրն Զաւէն Գրիգորեանը:
Աշակերտները բոլոր, Ա'-էն մինչեւ Զ' դասարան բեմ բարձրացան ու հայերէնով, յունարէնով, անգլերէնով ու ֆրանսերէնով պարեցին, երգեցին, թատերաերաժշտական ներկայացում ունեցան եւ արժանացան ջերմ ծափահարութիւններու: Աւանդութեան համաձայն շրջանաւարտները հանդէսի աւարտին ունեցան իրենց իւրայատուկ պահը, երգեցին ու պարեցին եւ սիրուած «Վերջին զանգ» երգով հրաժեշտ տուին Գալփաքեանի մէջ ապրած ութը երկար տարիներու իրենց գեղեցիկ այս ճանապարհին:
Վկայականները շրջանաւարտներուն յանձնեց Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Պրն Տիգրան Մկրտչեանը իսկ ինչպէս միշտ, Ծնողաց Մարմինը նուէրներ տուաւ մեր շրջանաւարտներուն:
Այժմ պատրաստ են ճամբորդելու, պատրաստ են մեկնելու մեր Վարժարանէն եւ մենք բոլորս ի սրտէ իրենց կը մաղթենք ամենայն սէր, ուրախութիւն եւ յաջողութիւն:
Նաեւ, հանդէսի ընթացքին Յունաստանի Հ.Բ.Ը.Միութեան Կեդրոնական Յանձնաժողովի Ատենապետ Դոկտոր Գրիգոր Մարուքեանը պատուոյ յուշանուէր յանձնեց Տիկն. Աննա-Մարիա Նեստորիտուին, որ հանգստեան կոչուեցաւ, Գալփաքեանին ծառայած ըլլալով 18 երկար տարիներ:




