image

Աթէնք.Երուսաղէմի Տաճարի Ասպետական Վաշտի պատուիրակութիւնը՝ Առաջնորդին հիւր

Աթէնք.Երուսաղէմի Տաճարի Ասպետական Վաշտի պատուիրակութիւնը՝ Առաջնորդին հիւր

Օրերս Հայց. Առաքելական Եկեղեցոյ Յունաստանի Թեմի Առաջնորդարան այցելեց Երուսաղէմի տաճարի ասպետական վաշտի պատուիրակութիւնը գլխաւորութեամբ Զօրավար Դոկտոր Պօղոս Չոլաքեանին, որոնք բարձր գնահատեցին սրբազան հօր տարիներու ընթացքին իր միջ եկեղեցական, մարդասիրական եւ մշակութային ոլորտներուն մէջ ծաւալած նուիրական ծառայութիւնը:

Սոյն այցին մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Սրբազան հօր դիմատետրեան էջէն:

Ստորեւ  եղած գրառումը՝

 27 մայիս 2025-ին Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդարանին մէջ հիւրընկալուեցաւ Երուսաղեմի տաճարի ասպետական վաշտի պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Զօրավար Դոկտոր Պօղոս Չոլաքեանի։

 Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին․

• Գերաշնորհ Տ. Իգնատիոս եպիսկոպոս

• Հոգեշնորհ Տ. Ամվրոսիոս վարդապետ

• Հոգեշնորհ Տ. Իոանիս վարդապետ

• Տիար Յորղոս Պապախրիստոս

• Զօրավար Կոստանդինոս Ալեքսոպուլոս

• Զօրավար Ապոստոլոս Ծուլուվիս

• Դոկտոր Վաչէ Տեր-Կարապետեան

Հանդիպումը ընթացաւ եղբայրական ջերմ եւ կառուցողական մթնոլորտի մը մէջ։

Պատուիրակութեան անդամները բարձր գնահատեցին Սրբազան Հօր՝ տարիներու ընթացքոին միջեկեղեցական, մարդասիրական եւ մշակութային ոլորտներուն մէջ ծաւալած նուիրական ծառայութիւնը։ Անոնք նաեւ ողջունեցին Սրբազան Հօր առաջնորդական նոր հանգամանքը՝ մաղթելով բեղուն եւ առաւել արդիւնաւէտ ծառայութիւն՝ ի շահ Եկեղեցւոյ եւ համայն հայութեան։

Սրբազան Հայրը իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց վաշտի անդամներուն՝ առանձնացնելով անոնց մշտական պատրաստակամ աջակցութիւնն ու ամուր նեցուկը՝  բարդ եւ դժուար նախաձեռնութիւններու պարագային։

Հանդիպման ընթացքին պատուիրակութեան անդամները առաջնորդարանին փոխանցեցին սրբապատկեր՝ ի նշան յարգանքի եւ հոգեւոր եղբայրութեան։ Սրբազան Հայրը նոյնպէս իր հերթին պատուիրակութեան բոլոր անդամներուն յանձնեց խորհրդանշական յուշանուէրներ՝ եղբայրական ջերմութեան, երախտագիտութեան եւ բարեկամութեան զգացումներով։