image

Աթէնք դատապարտած է Պոլսոյ մէջ յունական գերեզմանոցի պղծումը

Աթէնք դատապարտած է Պոլսոյ մէջ յունական գերեզմանոցի պղծումը

Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստօրէն դատապարտած է Պոլսոյ մէջ յունական ուղղափառ համայնքին պատկանող գերեզմանատան պղծումը եւ թրքական իշխանութիւններուն կոչ ըրած է միջոցներ ձեռնարկելու՝ պղծումը իրականացնողները պատասխանատուութեան ենթարկելու համար։

«Մենք խստօրէն կը դատապարտենք Կոստանդնուպոլսոյ Թաթուլոն համայնքը գտնուող եւ յոյն ուղղափառ համայնքին պատկանող «Ակիոս Էլեֆթերիոս» գերեզմանատան պղծումը, որ ոտնձգութիւն է Թուրքիոյ մէջ ապրող յոյն փոքրամասնութեան պատմութեան դէմ։ Կոչ կ'ընենք Թուրքիոյ իշխանութիւններուն համարժէք քայլեր ձեռնարկելու այս զազրելի արարքն իրականացնողներուն դէմ»,- նշուած է Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

Տեղի ունեցածը դատապարտած է նաեւ Թուրքիոյ յունական համայնքը՝ այն որակելով որպէս իրենց կրօնական արժէքներու դէմ ուղղուած քայլ։