14 Հոկտեմբերին, Ասtանայի մէջ նախատեսուած է իրականացնել Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը՝ ռուսական կողմին նախաձեռնութեամբ:
Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` աւելցնելով, որ Արարատ Միրզոյեան Ղազախիստան պիտի մեկնի 12 Հոկտեմբերին։ Ասtանայի մէջ երկօրեայ աշխատանքային այցելութեան ընթացքին ան պիտի մասնակցի ԱՊՀ արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին: