image

Ուքրանիոյ հարցով եռակողմ բանակցութիւնները պատմական էին․ Սպիտակ տուն

Ուքրանիոյ հարցով եռակողմ բանակցութիւնները պատմական էին․ Սպիտակ տուն

Թրամփի վարչակազմը Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ պաշտօնեաներու միջեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ կայացած հանդիպումը որակած է որպէս պատմական իրադարձութիւն։ Այդ մասին յայտարարած է Սպիտակ տան մամուլի քարտուղար Քերոլայն Լեւիթը։

«Անցեալ հանգստեան օրերուն տեղի ունեցաւ բազմակողմ հանդիպում, որ լայնօրէն չլուսաբանուեցաւ, բայց այն պատմական էր։ Նախագահի խումբը իրականութեան մէջ այս պատերազմի երկու կողմերը բերաւ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ՝ խաղաղութեան մօտենալու համար», -ըսած է Լեւիթը։

Յիշեցնենք՝ Ապու Տապիի մէջ տեղի ունեցած են Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ բանակցութիւնները: Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին յայտնած էր՝  «դեռ վաղ է եզրակացութիւններ ընել» բանակցութիւններու բովանդակութեան վերաբերեալ, սակայն հարկաւոր է ռուսական կողմէն որոշ պատասխաններ ստանալ եւ համոզուիլ, որ Մոսկուան պատրաստ է դադրեցնելու պատերազմը:

Քրեմլէն նշած էին, որ հակամարտութեան կարգաւորման աշխատանքին մէջ առաջընթաց կայ։