image
Հրատապ լուրեր:

Ասկերանէն մոլորուածը յայտնուած է Ատրպէյճանեան կողմը...

Ասկերանէն մոլորուածը յայտնուած է Ատրպէյճանեան կողմը...
Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը տեղեկացուցած է, որ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմի կողմէ հաւաքագրուած տեղեկատուութեան համաձայն՝ 22 Յուլիսին Ասկերանի շրջանի Այգեստան համայնքի բնակիչներէն մէկը Խրամորթ համայնքի հատուածին մէջ մոլորուելով, անցած է ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ գտնուող հատուած: 
 
«Ռուս խաղաղապահների միջամտութեամբ անձը վերադարձուել է հայկական կողմին:
Նրա կեանքին եւ առողջութեանը վտանգ չի սպառնում»,– ըսուած է Արցախի ՄԻՊ–ի գրառման մէջ: