image

Աշխարհի մէջ յայտնուած է մեծահարուստներու նոր դասակարգ «Սուբըրմիլիառատէր». Առաջատարը Մասքն է

Աշխարհի մէջ  յայտնուած է մեծահարուստներու նոր դասակարգ «Սուբըրմիլիառատէր». Առաջատարը Մասքն է

Ամերիկացի ձեռներեց Իլոն Մասքը գլխաւորած է սուփըրմիլիառատէրերու ցուցակը, որու մէջ ընդգրկուած է 24 մարդ ամբողջ աշխարհէն, գրած է The Wall Street Journal-ը՝ վկայակոչելով Altrata վերլուծական ընկերութեան տուեալները։

Altrata-ի ուսումնասիրութիւնը նշած է, որ այժմ կրնանք խօսիլ աշխարհի մէջ հարուստներու նոր դասակարգի՝ սուփըրմիլիառատէրերու առաջացման մասին. անոնցմէ իւրաքանչիւրի կարողութիւնը կը գերազանցէ 50 միլիառ տոլարը: 

Լաւագոյն հնգեակի մէջ են SpaceX, Tesla եւ X ընկերութիւններու ղեկավար Իլոն Մասքը՝ 419,4 միլիառ տոլար, Amazon-ի հիմնադիր Ճեֆ Պեզոսը՝ 263,8 միլիառ տոլար, LVMH-ի սեփականատէր Պերնար Առնոն՝ 238,9 միլիառ տոլար, Oracle-ի գործադիր տնօրէն Լարրի Էլիսընը՝ 237 միլիառ տոլար, Meta-ի գործադիր տնօրէն Մարք Ցուքըրպըրկը՝ 220,8 միլիառ տոլար:

24 սուփըրմիլիառատէրերու ընդհանուր կարողութիւնը կը կազմէ մօտ 3,3 թրիլիոն տոլար՝ համադրելի Ֆրանսայի անուանական ՀՆԱ-ի հետ։ Altrata-ն նշած է, որ 19-րդ եւ 20-րդ դարերու սկիզբը ամենահարուստ մարդիկ արդիւնաբերողներն էին, մինչդեռ այսօրուան գերմիլիառատէրերու մեծ մասն իրենց հարստութիւնը ձեռք բերած է արհեստագիտական ոլորտի մէջ: