Ռուսիոյ Դաշնութիւնը պատրաստ է հանդէս գալու որպէս միջնորդ՝ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ հարթակ տրամադրել երկու երկիրներու ղեկավարներու միջեւ բանակցութիւններու համար։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանովը RT Arabic-ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ:
«Համոզուած եմ, որ նման հանդիպումներու կայացման հարցով լուրջ եւ յստակ մօտեցում պէտք է, որ այդ հանդիպումը միայն պաշտօնական բնոյթ չկրէ, որ դրական արդիւնքներ գրանցուին, որոնք անհրաժեշտ են թէ՛ Սուրիոյ, թէ՛ Թուրքիոյ, եւ ամբողջ տարածաշրջանին: Ինչ կը վերաբերի մեզի, ապա մենք կ'ողջունենք նման քայլը... Մենք միշտ պատրաստ ենք ընդառաջ երթալու ինչպէս մեր սուրիացի ընկերներուն, այնպէս ալ թուրք գործընկերներուն։ Եւ եթէ անոնք նման անհրաժեշտութիւն կամ օգուտ կը տեսնեն մեր միջնորդութեան կամ նման հանդիպումներու կայացման համար ռուսական հարթակ տրամադրելու հարցով, ապա մենք միշտ պատրաստ ենք»,-ըսած է ան։
Անոր խօսքով՝ նման հանդիպման կայացումը կախուած է երկու երկիրներու ղեկավարութեան քաղաքական կամքէն։
5 Օգոստոսին Սոչիի մէջ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի բանակցութիւններէն ետք թրքական լրատուամիջոցները յայտնած են, որ Անգարայի մէջ կը քննարկուի Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ ղեկավարներու միջեւ ուղիղ կապեր հաստատելու հնարաւորութիւնը։ Այս կապակցութեամբ թրքական իշխանութիւնները յայտարարած են, որ նման բանակցութիւններ դեռ նախատեսուած չեն։