image
Հրատապ լուրեր:

Ասատ- Էրտողան հանդիպումը մօտալո՞ւտ

Ասատ- Էրտողան հանդիպումը մօտալո՞ւտ

Աւելի քան տասը տարուան ընդմիջումէն յետոյ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատի առաջին հանդիպումը կրնայ տեղի ունենալ օգոստոսին սահմանային անցակէտի մէջ։ Այս մասին գրած է ՌԻԱ Նովոսթին՝ Türkiye թերթին յղումով:

«Անգարայի աղբիւրները յայտնած են, որ հանդիպումը կրնայ տեղի ունենալ ցանկացած պահ։ Էրտողանի եւ Ասատի հանդիպման առաջին տարբերակը Իրաքն էր, սակայն այժմ Անգարան կը նախընտրէ հանդիպումն կայացնել Սուրիոյ հետ Թուրքիոյ սահմանին գտնուող Քեսապ անցակէտին մէջ։ Գործընթացը շատ արագ կ'ընթանայ. երկու առաջնորդներու համատեղ լուսանկարը կրնայ յայտնուիլ օգոստոսին»,–գրած է թերթը։

Ըստ թերթի աղբիւրներուն՝ երկու երկիրներու հետախուզական վարչութիւնները յուլիսին առնուազն երեք հանդիպում կատարած են ուղղուած Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման։