Գորիսի համայնքապետ Առուշ Առուշանեանին «Արմաւիր» ՔԿ-էն տեղափոխած են ԱԱԾ մեկուսարան: Այս մասին Tert.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է պաշտպան Էրիկ Ալեքսանեանը:
«Նրան երէկ են տեղափոխել ԱԱԾ մեկուսարան, մտերիմների, հարազատների մուտքը արգելուած է»,-ըսած է Ալեքսանեանը:
Ան նշած է, որ Առուշ Առուշանեանի փաստաբանները բողոքարկած են որոշումը, բայց Վերաքննիչ դատարանը դեռ չէ ընդունած վարոյթ:
Յիշեցնենք, որ Գորիսի համայնքապետին մեղադրանք առաջադրուած է ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 35-154.2-րդ յօդուածի 4-րդ մասի 2-րդ կէտով, 38-149-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 4-րդ կէտով եւ 38-154.2-րդ յօդուածի 3-րդ մասով (քուէարկութեան գաղտնիութիւնը խախտելը, ընտրական իրաւունքի իրականացման խոչընդոտելը)։
Նշենք նաեւ, որ ԱԺ արտահերթ ընտրութիւններէն ետք Սիւնիքի 5 համայնքապետերէն 4-ի նկատմամբ յարուցուած է քրէական գործ. Մանուէլ Փարամազեանը, Մխիթար Զաքարեանը, Առուշ Առուշանեանը, Արթուր Սարգսեանը կալանաւորուած են: