Այսօր յետմիջօրէին արտահերթ դէպք մը գրանցուած է Երեւանի Շէնգաւիթ շրջանին մէջ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց News.am կայքէն։
Կը նշուի նաեւ, որ ինքնաշարժ մը զառնուած է կազի խողովակատարին եւ պայթած ու պատճառ դարձած հրդեհի բռնկումին։
Դէպքին հետեւանքով վարորդը մահացած է եւ գրանցուած են վիրաւորներ։
Կը նշուի նաեւ, որ հրդեհին պատճառով տուժած են հանդիպակաց շէնքի 24 բնակարաններ։
Աւելի ուշ պարզ դարձած է, որ պայթումին հետեւանքով զոհուածը, ոչ թէ ինքնաշարժի վարորդն էր, այլ ուղեւորը։