ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը Ուաշինկթընի մէջ հանդիպած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի եւրոպական եւ եւրասիական հարցերով տեղակալի պաշտօնակատար Տերեք Հոկընի հետ: Այս մասին ան գրած է իր դիմատետրեան էջին։
«Հանդիպման ընթացքում քննարկուել է Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ երկկողմ յարաբերութիւնների օրակարգը՝ ներառեալ տնտեսական համագործակցութեան հեռանկարները»,- գրած է ան։
Կարեւորուած է տարածաշրջանային անվտանգութեան պահպանումը, Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան բանակցութիւններու շարունակականութիւնը, ինչպէս նաեւ Ստեփանակարտ-Պաքու երկխօսութեան համար միջազգային մեխանիզմի ստեղծումն ու Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան ապահովումը:
Յիշեցնենք, որ ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը 4 յուլիսին աշխատանքային այցով մեկնած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթըն: