Բժիշկ-փրոֆեսոր, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Չարչեանի նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրուած է բացակայութեան մասին արգելքը: Այս մասին հաղորդած են Դատախազութենէն:
Նշենք, որ 9 փետրուարին ՀՀ ազգային ժողովը գաղտնի քուէարկութեամբ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, «Իզմիրլեան» հիւանդանոցի նախկին տնօրէն Արմէն Չարչեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելու թոյլտւութիւն տուած էր։
Ըստ դատախազութեան՝ Չարչեան, ներգրաւուած ըլլալով «Հաց բերողի»՝ Արթուր Սարգսեանի նկատմամբ իրականացուող դատաբժշկական փորձաքննութեան յանձաժողովի կազմին մէջ, ակնյայտ կեղծ եզրակացութիւն տուած է:
Արմէն Չարչեան իրեն առաջադրուած մեղադրանքը չէ ընդունած՝ որակելով այն ակնյայտ անհիմն ու անօրինական: