Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Աշոտեանը ձերբակալուած է ՀՀ քննչական կոմիտէի յատկապէս կարեւոր գործերու քննութեան գլխաւոր վարչութենէն ներս քննուող՝ «Երեւանի Մխիթար Հերացու անուան պետական բժշկական համալսարան» հիմնադրամին մէջ կատարուած առերեւոյթ չարաշահումներուն վերաբերող քրէական վարոյթի շրջածիրէն ներս, հիմքը խափանման միջոցի պայմանները խախտելը եղած է։
Այս մասին Tert.am-ի հետ զրոյցին տեղեկացուցած է Քննչական կոմիտէի խօսնակ Գոռ Աբրահամեանը:
Անոր հաղորդմամբ՝ Աշոտեանի հետ կը կատարուին անհրաժեշտ քննչական գործողութիւններ։
Աբրահամեանը նաեւ ըսած է, աւելի ուշ ՀՀ քննչական կոմիտէն հանրութեան համար յստակ մանրամասնութիւններով ու փաստերով տեղեկատւութիւն կը հրապարակէ։
Յիշեցնենք`խօսքը նախորդ տարուան վերջը յարուցուած քրէական գործի մասին է։ Այն ժամանակ բժշկական գիտութիւններու դոկտոր, Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի նախկին տնօրէն Միքայէլ Նարիմանեանին մեղադրանք առաջադրուած էր Բժշկական համալսարանէն առանձնապէս խոշոր չափերով (39 մլն 660 հազար դրամի չափով) գոյքի ենթադրեալ յափշտակութեան համար, ու այդ նոյն գործով մեղադրեալի կարգավիճակ ունի Արմէն Աշոտեանը։