Յունուար 9-ին ՀՀ Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանն ընդունած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Աքպար Ահմատիանը:
ՀՀ Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարը ողջունած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղարի այցը Հայաստան եւ ընդգծած բարձրաստիճան փոխայցելութիւններու կարեւորութիւնը, որոնք հիմնուած են Հայաստան-Իրան երկկողմ բազմաոլորտ յարաբերութիւններու զարգացման անհրաժեշտութեան վրայ:
Ահմատիանն իր հերթին նշած է, որ երկկողմ յարաբերութիւններն ունին ամուր հիմքեր, եւ որեւէ բան չի կրնար փոխել կամ խարխլել զանոնք:
Հանդիպման ընթացքին կողմերն անդրադարձած են տարածաշրջանային գործընթացներուն եւ այդ ծիրէն ներս Հայաստան-Իրան փոխգործակցութեան հեռանկարներուն:
Գոհունակութեամբ արձանագրելով Հայաստան-Իրան երկկողմ զարգացող յարաբերութիւնները՝ զրուցակիցները քննարկած են արդէն իսկ ձեռքբերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքը եւ նախանշած համագործակցութեան նոր ուղիները:
Անդրադարձ կատարուած է տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման, միտքեր փոխանակուած են ենթակառուցուածքներու զարգացման ծրագրերու շուրջ: