Արեւմտեան երկիրները «կը սիրաշահին» Հայաստանը եւ կ՚ուզեն ընկերութիւն ընել հանրապետութեան հետ՝ ընդդէմ Ռուսիոյ, Россия-1 հեռուստաալիքի եթերոին ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը։
«Արեւմտեան երկիրները, որոնք այժմ աշխուժօրէն կը սիրաշահին Հայաստանը, կ՚ուզեն անոր հետ ընկերութիւն ընել՝ ընդդէմ Ռուսիոյ Դաշնութեան»,-ըսած է ան։
Լաւրովի խօսքով, Ռուսիոյ Դաշնութիւնը կանխակալութիւններ չունի Հայաստանի արտաքին գործընկերներու նկատմամբ, Երեւանը պէտք է ինքնուրոյն որոշէ իր ուղղութիւնը։
«Մենք կողմ ենք, որ Հայաստանը՝ որպէս ՀԱՊԿ անդամ, որպէս մեր մերձաւոր դաշնակից եւ ռազմավարական գործընկեր, ինքը որոշէ, թէ ինչպէս պէտք է յարաբերութիւններ կառուցէ արտաքին գործընկերներու հետ։ Մենք բացարձակապէս ոչ մէկ նախապաշարմունք ունինք անոր արտաքին գործընկերներու, ընկերներու շրջանակի վերաբերեալ, ինչպէս կ՚ուզէք անուանեցէք, մենք երբեք որեւէ մէկու հետ ինչ-որ մէկու դէմ ընկերութիւն չենք ըներ»,-ըսած է Ռուսիոյ դիւանագիտական ծառայութեան ղեկավարը։