image

Արեւելեան Թեմէն ներս. Ազնիւ եւ իշխանական բարերարութիւն Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցիին

Արեւելեան  Թեմէն ներս. Ազնիւ եւ իշխանական բարերարութիւն Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցիին

Նուիրական գործունէութիւն  ծաւալող  Արժ. Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեանի էջէն  «Արեւելք»  վերահասու դարձաւ   Արեւելեան Թեմէն  եկած  բարի լուրի մը,  ուր   եկեղեցասէր   հայուհիի մը   իշխանական-մեծագումար  նուիրատուութիւն կատարած է Նիւ Եորքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին։

Ստորեւ  եւ անգլերէնէ  թարգմանելով կը ներկայացնենք այդ   բարեբաստիկ առթիւ Տէր Հօր կողմէ կատարուած  գրառումը։

Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան մասնաւորապէս կը գրէ՝

Կիրակի, 28 Յունուարին, Ճորճիա նահանգի, Ֆայէթվիլ քաղաքէն՝ Կրէկորի Ն. Ռոպըրթցը այցելեց Սուրբ Լուսաւորիչ տաճար, իր տիկնոջ՝ Փոլէթին հետ, Թելմա Կուլամէրեանի կողմէ 96,000 ԱՄՆ տոլար արժողութեամբ չէքը յանձնելու համար, իբրեւ նուիրատւութիւն Մայր տաճարին:

Սովորական Կիրակին արտասովոր իրադարձութեան մը վերածուեցաւ Սուրբ Լուսաւորիչ մայր տաճարին համար, որ Միացեալ Նահանգներու հայկական առաջին տաճարն է։

Աստուած մեզի երկու ձեռք տուած է, մէկը՝ ստանալու, միւսը՝ տալու։ Երբ դուք ուրիշին կ՚օգնէք, պատկերացուցէք, որ Քրիստոսին է որ կ՚աջակցիք, քանի որ ուրիշներուն ծառայելով դուք ծառայած կ՚ըլլաք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին: Յիսուս ուսուցանեց, որ Աստուած եւ մեր դրացին սիրելը ամենամեծ պատուիրաններն են։