(Սիւնիքի մէջ յաջողուած՝ «Պատանի երկրաբան» դասընթացք-դպրոցին առթիւ)
Բնական պաշարներով հարուստ հանդիսացող Հայաստանի մէջ, հանքարդիւնաբերութիւնը կարեւոր դեր ունի տնտեսական զարգացումն կապակցութեամբ: Այս առումով Զանգեզուրի պղնձա-մոլիբդէնի կոմպինատը (ԶՊՄԿ) ոլորտի առաջատարներէն է՝ ոչ միայն արտադրութեան, այլ նաեւ կրթութեան եւ գիտահետազօտական ծրագրերու շնորհիւ: Ընկերութիւնը մեծ կարևորութիւն կը տայ երկրաբաններու պատրաստումին, երիտասարդութեան ներգրաւումին եւ գիտելիքներու փոխանցումին, ինչ որ ապահով կը դարձնէ ոլորտի կայուն զարգացումը։
Երկրի երիտասարդ տարրը այս ոլորտին մէջ ներգրաւելու առումով, օրերս Սիւնիքի մէջ իրականացուած է «Պատանի երկրաբան» ամառնային դպրոցը։ ԵՊՀ նախաձեռնութեամբ եւ ԶՊՄԿ ֆինանսական աջակցութեամբ ծրագիրը երեք օր շարունակ դասախօսութիւններ, գործնական պարապմունքներ եւ ճամբարային փորձառութիւններ ապահոված է: Ծրագիրը ընդգրկած է 33 պատանի երկրաբան՝ Սիւնիքի տարբեր համայնքներէն, որոնք ծանօթացած են հանքարդիւնաբերութեան հիմնական գործընթացներուն՝ բացահանքէն մինչեւ հարստացուցիչ գործարան:
Ամառնային դպրոցի նպատակն է ոչ միայն մասնագիտական գիտելիքներ փոխանցել, այլեւ ոգեւորել երիտասարդները շարունակելու կրթութիւնը երկրաբանութեան ոլորտին մէջ: Մասնակիցները ծանօթացած են, թէ ինչպես գիտութիւնը եւ գործնական փորձը փոխկապակցուած են հանքարդիւնաբերութեան կայուն զարգացման համար: ԶՊՄԿ եւ ԵՊՀ համագործակցութիւնը նաեւ կրթական եւ գիտահետազօտական նոր հարթակ ստեղծած է՝ կրթաթոշակներ, գործնական պարապմունքներ եւ հետազօտական ծրագրեր ներառելով:
ԶՊՄԿ գլխաւոր տնօրէն Ռոման Խուտոլին շեշտած է, որ երկրաբանութիւնը պահանջուած եւ կենսական մասնագիտութիւն է, եւ ոլորտի զարգացումը միայն լավ կրթուած մասնագէտներու միջոցով կարելի է: ԵՊՀ աշխարհագրութեան եւ երկրաբանութեան բաժինը, համագործակցելով Կապանի երկրագիտական թանգարանին հետ, նպատակ ունի ամրապնդել տեսական եւ գործնական գիտելիքները, զարգացնել կրթական, գիտական եւ մշակութային ոլորտները:
Այսպիսի ծրագրերը ցոյց կու տան, որ հանքարդիւնաբերութիւնը Հայաստանում ոչ միայն տնտեսական նշանակութիւն ունի, այլեւ կարեւոր միջավայր է երիտասարդութեան կրթութեան, մասնագիտական կողմնորոշման եւ գիտահետազօտական ներուժի զարգացման համար: ԶՊՄԿ-ի՝ ոլորտի առաջատար նպատակներէն է, որ Հայաստան ունենայ յուսալի մասնագէտներու նոր սերունդ, պատրաստ երկրի բնական պաշարները արդիւնաւէտ եւ կայուն ձեւով զարգացնելու:
Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցող հասարակութեան ուշադրութեան կը յանձենք լրագրող Նարէ Խաչատրեանի հեղինակած եւ ԶՊՄԿ-ի պաշտօնական ամսաթերթին մէջ լոյս տեսած՝
«Սիւնիքի մէջ կայացած է «Պատանի երկրաբան» ամառնային դպրոցը» խորագիրը կրող յօդուածին հիմնական հատուածները։
Խաչատրեան մասնաւորապէս կը գրէ՝ Տնտեսական, ընկերային, նաեւ կրթական հարցեր կը լուծէ արդիւնաբերական հսկան, իսկ այս ամէնը՝ նախեւառաջ երկրաբաններու աշխատանքի շնորհիւ։ ԶՊՄԿ-ի գիտակրթական հաստատութիւններու հետ շուրջ երկու տարուան համագործակցութեան շնորհիւ շարք մը ծրագրեր կեանքի կոչուած են։
ԵՊՀ նախաձեռնութեամբ եւ ԶՊՄԿ ֆինանսական աջակցութեամբ՝ թէ՛ դասախօսական, թէ՛ ուսանողական եւ թէ՛ աշակերտական կազմը երեք օր շարունակ ձեռք բերած է գիտելիքներու մեծ պաշար՝ համատեղելով օգտակարը հաճելիի հետ։
Ծրագրի շնորհիւ 33 պատանի երկրաբան՝ Սիւնիքի գրեթէ բոլոր համայնքներէն, հնարաւորութիւն ունեցած է աւելի մօտ ըլլալու մասնագիտութեան եւ աւելի մանրամասն ծանօթանալու ատոր նրբութիւններուն։
Այս ամառնային դպրոցի շնորհիւ ԵՊՀ աշխարհագրութեան եւ երկրաբանութեան բաժնին մէջ մեծ հոսք պիտի ապահովուի, կը վստահեցնեն կազմակերպիչները։ Օգտակար հանածոներով հարուստ մարզին մէջ ճամբարականներու առօրեան յագեցած անցած է։ Մասնակիցները լսած են դասախօսութիւններ երկրաբանի մասնագիտութենէն մինչեւ հանքարդիւնաբերութեան մէջ կայուն զարգացման կարեւոր ու նշանակալի դերի վերաբերեալ։
Ամառնային դպրոցի ընթացքին յուշագիր ստորագրուած է ԵՊՀ աշխարհագրութեան եւ երկրաբանութեան բաժնի ու Կապանի երկրագիտական թանգարանի միջեւ, որու նպատակն է՝ ստեղծել տեսական եւ գործնական գիտելիքներու ամրապնդման ու խորացման հնարաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ համատեղ ուժերով նպասել կրթական, գիտական եւ մշակութային ոլորտներու զարգացման։ Ճամբարականներու վերջին օրն ամփոփուած է ոչ պաշտօնական հանդիպումով։ Այստեղ ալ անոնց
Աշխուժ մասնակցութեան համար ճամբարականները ստացած են հաւաստագրեր։ Երկրաբաններու համար արդէն աւանդոյթ դարձած խարոյկի շուրջ ամփոփուած է միջոցառումը, քննարկուած են հետագայ ընելիքները՝ դարձեալ հանդիպելու սպասումով։
Նիւթը հրապարակման համար պատրաստեց՝ «Արեւելք»ը
Օգտուած ենք ԶՊՄԿ-ի պաշտօնական ամսագրէն