image

ՀՀ բանակը ոչ թէ պատերազմի, այլ խաղաղութեան գործօն է․ Փաշինեան

ՀՀ բանակը ոչ թէ պատերազմի, այլ խաղաղութեան գործօն է․ Փաշինեան

«Այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւնը պետութիւն է աւելի քան երբեւէ, անկախ է աւելի քան երբեւէ, ինքնիշխան է աւելի քան երբեւէ, անվտանգ է աւելի քան երբեւէ»,-ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ Առաջին Հանրապետութեան օրուան նուիրուած ռազմական շքերթի ժամանակ։

Սա առաջին շքերթն է վերջին 10 տարուան ընթացքին։ Երեւանի մէջ նախորդ շքերթը տեղի ունեցած է 2016 թուականի սեպտեմբեր 21-ին՝ Անկախութեան 25-ամեակի առթիւ։

Փաշինեանի խօսքով՝ 2026 թուականի Հանրապետութեան օրը Հայաստանը կը նշէ «բոլորովին նոր պատմական պայմաններու մէջ», քանի որ «շուրջ 35-ամեայ հակամարտութենէն ետք Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութիւն հաստատուած է»։

«Խաղաղութիւնն այն է, ինչ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեանը չհերիքեց անկախութիւնը պահպանելու եւ զարգացնելու համար»,-ըսած է Փաշինեանը՝ աւելցնելով, որ այսօր Հայաստանը «կը յաղթահարէ առաջին Հանրապետութեան ժամանակներէն մնացած պետութեան ժամանակաւորութեան բարդոյթը եւ կ՚որդեգրէ պետութեան յարատեւութեան օրակարգ»։

Այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան բանակը ոչ թէ պատերազմի, այլ խաղաղութեան գործօն է, որովհետեւ պաշտպանունակ եւ ուժեղ բանակ չունեցող երկիրը կրնայ գայթակղիչ ըլլալ յարձակման համար,- ըսած է Փաշինեանը։

Անոր խօսքով՝ Հայաստանի նոր բանակի գաղափարախօսութեան հիմքը հետեւեալ սկզբունքն է․ «Բանակի միակ խնդիրը Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգայնօրէն ճանաչուած ինքնիշխան տարածքի պաշտպանութիւնն է»։

Ան նշած է, որ մինչեւ 2022 թուականը «սպառազինութեան եւ ռազմական տեխնիկայի միջազգային շուկաները հիմնական փակ կամ դժուար հասանելի էին Հայաստանի Հանրապետութեան համար», սակայն Ալմա-Աթայի հռչակագրի հիման վրայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կողմէ իրար տարածքային ամբողջականութիւնը ճանչնալէ ետք «սպառազինութիւններու միջազգային շուկան բացուեցաւ Հայաստանի համար»։

Փաշինեան աւելցուցած է, որ 2022 թուականէն սկսեալ կառավարութիւնը շուրջ 170 միլիառ դրամի ներդրում ըրած է ռազմարդիւնաբերական համալիրի մէջ», եւ այսօր արդէն կան արդիւնքներ, «որոնցով կրնանք հպարտանալ»։