Հայաստան- ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խումբի ամերիկացի նախագահ Ճէյմս Ուորլիք այսօր Երեւան կը հասնի: Ղարաբաղեան հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման Մինսքեան խումբի ղեկավարը այս մասին յայտարարած է իր Twitter- եան էջին վրայ, նշելելով նաեւ, որ ան հանդիպումներ պիտի ունենայ ՀՀ նախագահին հետ: Ան աւելի վաղ յայտարարած է, որ Հայաստան իր «գրաւած» տարածքները պէտք է Ազրպէյճանին վերադարձնէ: Անսպասելի չէր Ուորլիքի կատարած սոյն յայտարարութիւնը, տրուած ըլլալով նաեւ, որ ամերիկեան կողմը այս յայտարարութիւններուն մերձ խօսքեր հնչեցուցած էր ամիսներ առաջ «Գարնէկի» հիմնարկին կողմէ Կովկասեան հիննախնդիրներուն նուիրուած համաժողովի մը ընթացքին: Կը մնայ հարցումը արդեօ՞ք Միացեալ Նահանգներ յատկապէս այս հանգրուանին մտադիր են խաղաղ վիճակի մէջ գտնուող Կովկասեան «օճախ»ը վերակենդանացնել: Անկախ բոլոր տուեալներէն ԱՄՆ եւ Ռուսիա սկսած են «աշխուժ» գործակցութիւն իրականացնել եւ Կովկասեան ընդանուր իրավիճակը զերծ չէ անոնց շահարկային մօտեցումներէն: