Փորձագէտները կը կարծեն, որ Հայաստանի տարածքին կ՚ապրի մօտ տասը ընձառիւծ։
Կովկասեան ընձառիւծ Նէօն յայտնուած է «Խոսրովի» արգելոցի տեսածուղակի մէջ։
Կովկասեան ընձառիւծը ներառուած է Հայաստանի Կարմիր գիրքին մէջ եւ Բնութեան պահպանութեան միջազգային միութեան (IUCN) ցուցակին մէջ՝ «կրիտիկական» կարգավիճակով։
«Հովազը Հայաստանի իմաստութեան եւ ուժի խորհրդանիշներից է, այն հանդիպում է հնագոյն քանդակներում եւ նկարներում»,-ըսուած է գրառման մէջ։
Նշենք, որ 2018 թուականին «Խոսրովի անտառ» արգելոցի տարածքին մէջ WWF տեսախցիկներն առաջին անգամ որսացած են պարսկական կամ կովկասեան ընձառիւծ՝ արու Նէօն։
Երկար ժամանակ կ՚ենթադրուէր, որ ան մինակ է, բայց 2021 թուականի յունուարին տեսախցիկները արձանագրած են էգ հովազ, որուն Նովա անուանած են։