image

Արցախի ժողովուրդի կամքը անսասան է. Արայիկ Յարութիւնեան

Արցախի ժողովուրդի կամքը անսասան է. Արայիկ Յարութիւնեան

Արցախի ժողովուրդի կամքը անսասան է սեփական ճակատագիրը որոշելու եւ տնօրինելու հարցով: Այս մասին իր դիմատետրեան էջին գրած է Արցախի  նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը` լուսանկարներ հրապարակելով հանրահաւաքէն:

Աւելի վաղ յայտնած էինք, որ Արցախի մէջ Ազգային Ժողովի արտահերթ նիստ տեղի ունեցած եւ բազմահազարանոց հանրահաւաք:

Ըստ ԱԺ ընդունած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Արցախը երբեք չէ եղած եւ պիտի չըլլայ անկախ Ատրպէյճանի կազմին մէջ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ո՛չ մէկ իշխանութիւն իրաւունք ունի հրաժարիլ Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնը ապահովելու առաքէլութենէն կամ ընդունելի համարել որեւէ փաստաթուղթ, ուր ինքնիշխան Արցախի Հանրապետութեան գոյութիւնը կասկածի տակ կը դրուի։ Նաեւ դիմում եղած է Ռուսիոյ Դաշնութեան` Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնը ապահովելու յանձնառութիւնը շարունակելու խնդրանքով: