image

Արցախի վիճակով խոր մտահոգութիւն. Արցախի ԱԳՆ -ի յայտարարութիւնը

Արցախի վիճակով խոր մտահոգութիւն. Արցախի ԱԳՆ -ի յայտարարութիւնը

Մարաղայի խաղաղ բնակիչներուն կոտորածը ատրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ աւելի քան 30 տարի կանոնաւոր կերպով վարուող «ցեղասպան քաղաքականութեան մաս կը կազմէ` սկսեալ Սումկայիթի դաժան ջարդերէն մինչեւ 2020 թ․ 44-օրեայ զինուած յարձակման ընթացքին իրագործուած պատերազմական յանցագործութիւններ», յայտարարած է Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

 «Միայն ուժեղ եւ բարգաւաճող, իր պետականութիւնը զարգացնող, միջազգային իրաւական սուբյեկտայնութիւն ունեցող եւ ողջ հայութեանն իր շուրջ համախմբող Արցախը կարող է լինել Մարաղայի ողբերգութեան չկրկնուելու լաւագոյն երաշխիքը»,  նշուած է Մարաղայի կոտորածի 30-րդ տարելիցին կապակցութեամբ Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնն ալ կը նշէ, որ Մարաղայի մէջ իրականացուած պատերազմական յանցագործութիւնները փաստագրուած են մարդու իրաւունքներով զբաղող միջազգային կազմակերպութիւններուն, ներառեալ` Human Rights Watch եւ Amnesty International իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու զեկոյցներուն մէջ, որոնք կը վկայեն, որ հայերու դէմ իրագործուած ոճրագործութիւններուն հետեւանքով 50 հոգի դաժանաբար սպաննուած է, այդ շարքին` 30 կին, իսկ 29 կին եւ 9 երեխայ պատանդ վերցուած են, որոնցմէ 19 հոգիի ճակատագիրը առայսօր անյայտ կը մայ:«Ներկայումս ատրպէյճանական զինուած ուժերի կողմից Լեռնային Ղարաբաղում հայ քաղաքացիական բնակչութեան շարունակական թիրախաւորումն ու մարդասիրական ճգնաժամ ստեղծելուն ուղղուած գործողութիւնները, ինչպէս նաեւ Մարտի 24-ից ՌԴ խաղաղապահ ուժերի պատասխանատուութեան գօտի ներխուժումը, որի հետեւանքով աւելի քան 400 անձ ստիպուած տեղահանուեց, վկայում են պաշտօնական Պաքուի իրական նպատակի մասին` ամբողջական ցեղային զտումների ենթարկել Արցախը», ըսուած է պաշտօնական Երեւանի յայտարարութեան մէջ:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը` ապահովելու Արցախի ժողովուրդին` իր հայրենիքին մէջ ազատ, անվտանգ եւ արժանապատիւ կեանքի իրաւունքը եւ կ'ընդգծէ միջազգային հանրութեան ջանքերու հրատապութիւնը` կանխելու Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան գոյութենական անվտանգութեան համար սպառնալիքները, կը շեշտէ Արտաքին ցործոց նախարարութիւնը: