image

Արցախի Թեմի Առաջնորդը Ճրագալոյցի պատարագ պիտի մատուցէ

Արցախի Թեմի Առաջնորդը Ճրագալոյցի պատարագ պիտի մատուցէ

Յունուար 5-ին  Էջմիածնի Սուրբ Գայիանէ վանքին մէջ Արցախի թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տէր Վրթանես եպիսկոպոս Աբրահամեանի ձեռամբ պիտի մատուցուի Ճրագալոյցի Սուրբ Պատարագ:

Պատարագի սկիզբը՝ 17։30-ին։ 

Յունուար 5-ի երեկոյեան բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը մատուցուի Ճրագալոյցի Սուրբ Պատարագ: «Ճրագալույց» կը նշանակէ ճրագ՝ մոմ, վառել (լուցանել): Այդ օրը երեկոյեան, մարդիկ եկեղեցւոյ մէջ վառած ճրագներն իրենց հետ տուն կը տանին: Այն կը խորհրդանշէ աստուածային լոյսն ու օրհնութիւնը: Ճրագալոյցը կը խորհրդանշէ նաեւ բեթղեհեմեան աստղի լոյսը, որ առաջնորդեց մոգերը դէպի Յիսուս Մանուկը: