image

Արցախի պետական նախարար նշանակուած է Արթուր Յարութիւնեան

Արցախի պետական նախարար նշանակուած է Արթուր Յարութիւնեան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանը 18 սեպտեմբերին ստորագրած է հրամանագիր Արթուր Իւանի Յարութիւնեանը պետական նախարար նշանակելու մասին:

Երկրի ղեկավարի մէկ այլ հրամանագրով՝ փոփոխութիւն կատարուած է «Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարարի կողմէ նախարարներու գործունէութեան համակարգման մասին» Նախագահի հրամանագրին մէջ, համաձայն որու՝ պետական նախարարը պիտի համակարգէ հետեւեալ նախարարներու գործունէութիւնը՝

1) առողջապահութեան նախարար.

2) արդարադատութեան նախարար ս.

3) գիւղատնտեսութեան նախարար.

4) կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարար.

5) ընկերային զարգացման եւ գաղթի նախարար.

6) տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար.

7) քաղաքաշինութեան նախարար.

8) ֆինանսներու եւ տնտեսութեան նախարար:

Նշենք, որ Արթուր Յարութիւնեանը Լեռնային Ղարաբաղի նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի եղբայրն է: