image

Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի անունով դատարան պիտի դիմենք ընդդէմ ԿԳՄՍՆ–ի. Փաստաբան

Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի անունով դատարան պիտի դիմենք ընդդէմ ԿԳՄՍՆ–ի. Փաստաբան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի անունով պիտի դիմենք դատական պաշտպանութեան՝ ընդդէմ 9-րդ դասարանի «Հայաստանի պատմութիւն» դասագիրքի հեղինակներուն, Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութեան եւ պատասխանատու այլ անձերու։

Պիտի պահանջենք հերքել նախագահի վերաբերեալ գիրքին մէջ տեղ գտած զրպարտական տեղեկութիւնները։ Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է փաստաբան Ռոման Երիցեան։

«Մենք վճռական ենք պայքարելու պատմութեան խեղաթիւրումների եւ նոր սերնդին մոլորեցնելու բոլոր փորձերի դէմ»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ։