image

Արցախի մէջ. Կեանքի պայմանները կը դժուարանան (Տեսանիւթ)

Արցախի մէջ. Կեանքի պայմանները կը դժուարանան (Տեսանիւթ)

Շուրջ 22 տարի շարունակ Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ վարձով բնակող Թունեաններու բազմազաւակ ընտանիքը վերջին դգալ ձէթն ու թէյը կ'օգտագործեն, իսկ յետոյի մասին կը դժուարանան խօսիլ, չեն գիտեր՝ ինչպէս պիտի յաղթահարեն ստեղծուած ճգնաժամը:

6 երեխաներէն ամենափոքրը՝ 11 ամսական Ալեքսը իր բողոքը կ'արտայայտէ լացով. միակ սիրելի միրգը պանանն է, որ ծնողները չեն կրնար գտնել:

2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով հայրենի տունը կորսնցուցած տիկին Գայիանէի հոգերն ու մտահոգութիւնները բազմապատկուած են: Բազմազաւակ ընտանիքը վարձած փոքր ու անյարմար բնակարանի մէջ տեղաւորուած է: Տունը կազ չէ քաշուած, տաք ջուր չունին, հոսանքի պարբերաբար անջատումներէն աւելի շատ կը նեղուին փոքրիկները:

Մանրամասները՝ տեսանիւթին մէջ։