Ատրպէյճանը լրացուցիչ միջոցներ պիտի ձեռնարկէ բռնագրաւուած Արցախի մէջ ռատիոյի եւ հեռուստատեսութեան հեռարձակման որակի հետագայ բարելաւման եւ ծածկոյթի ընդլայնման ուղղութեամբ։ Այս մասին յայտնի դարձած է այդ երկրի Թուային զարգացման եւ փոխադրութեան նախարարութեան հաղորդագրութենէն:
Անոր մէջ նշուած է, որ 29 սեպտեմբերին Եւլախի մէջ Արցախի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներու հետ հերթական հանդիպման ժամանակ ուսումնասիրուած է տարածաշրջանին մէջ հեռարձակման հետ կապուած իրավիճակը՝ արցախեան կողմի՝ ռատիոհեռուստատեսային հեռարձակման կազմակերպման «խնդրանքը» կատարելու նպատակով։