Մեր աչքի առաջ տեղի կ'ունենայ Ալիեւի կանխամտածուած էթնիք զտումներու արշաւը Արցախի մէջ. այս մասին իր թուիթըրեան էջին գրած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Ֆրենք Փալոնը:
«Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ միջազգային հանրութիւնը պէտք է յստակեցնեն, որ այդ անընդունելի է, եւ պատժամիջոցներ կիրառեն։ Այժմ սահմանը չբանալը կը յանգեցնէ աներեւակայելի մարդասիրական ճգնաժամի», - գրած է պաշտօնեան։
Նշենք, որ Հայաստանէն ուղարկուած մարդասիրական բեռը Կոռնիձորի մէջ է։ Ատրպէյճանական կողմը դեռ թոյլ չէ տուած այն տեղափոխել Արցախ։ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բեռը ուղարկելը որակած է որպէս «սադրանք»։