image

Արցախի հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան մասին խօսք պիտի չըլլայ. Հաճիեւ

Արցախի  հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան մասին խօսք պիտի չըլլայ. Հաճիեւ

«Ղարաբաղի համար միջազգային մեքանիզմ չկայ եւ չի կրնար ըլլալ»,- յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի արտաքին քաղաքականութեան բաժնի պետ Հիքմեթ Հաճիեւը՝ ի պատասխան Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հարցազրոյցին։

Անոր խօսքով՝ Ուաշինկթընի եւ այլ վայրերու մէջ կայացած բանակցութիւնները «հաւատարիմ եղած են պրիւքսէլեան օրակարգին եւ նուիրուած եղած են բացառապէս խաղաղ կարգաւորման հարցերուն»։ «Ուաշինկթընը մէջ որոշուած է, որ բանակցութիւնները պէտք է վարել խաղաղութեան պայմանագրի կնքման յստակ ժամկէտներու սահմանմամբ։ Այդ կապակցութեամբ խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծը նախապէս ներկայացուած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու Ժընեւի մէջ կայացած հանդիպման։ Յատուկ ընդգծեմ, որ նախագիծին մէջ ներառուած են երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ նման համաձայնագրերու մէջ պարունակուող օրինաչափ դրոյթները։ Մասնաւորապէս, խաղաղութեան պայմանագիրը կ'ենթադրէ ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչում, ներքին գործերուն չմիջամտել եւ այլն»։

«Ե՛ւ Պրիւքսէլի, եւ՛ Ուաշինկթընի մէջ կայացած բանակցութիւններուն Ատրպէյճանի ներկայացուցիչները յատուկ ընդգծած են, որ Պաքուն որեւէ երրորդ կողմի հետ պիտի չքննարկէ մեր երկրի ինքնիշխան իրաւունքներուն առնչուող հարցեր։ Ղարաբաղի հայ բնակիչներու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցը պիտի լուծուի Ատրպէյճանի Սահմանադրութեան համաձայն... Ուաշինկթընի մէջ մեր պատուիրակութիւնը յայտարարած է, որ Ատրպէյճանը, իր միջազգային պարտաւորութիւններուն համապատասխան, պարբերաբար տարբեր զեկոյցներ կը ներկայացնէ ՄԱԿ-ին եւ այլ կազմակերպութիւններուն։ Այդ զեկոյցներուն մէջ իրենց արտացոլումը կը գտնէ Ատրպէյճանի կառավարութեան գործունէութեան մասին տեղեկատւութիւնը, որ ուղղուած է, օրինակ, ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու ապահովման։ Հետագային այս զեկոյցներուն մէջ պիտի ներառուին գործողութիւններ՝ ուղղուած Ղարաբաղի մէջ բնակող հայ բնակիչներու իրաւունքներու ապահովման։

Այլ կերպ ըսած՝ չկայ եւ չի կրնար խօսք ըլլալ Ատրպէյճանի Ղարաբաղի տարածաշրջանին մէջ բնակող հայ բնակիչներու իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը վերահսկելու նպատակով որեւէ միջազգային «մեքանիզմ» ստեղծելու մասին»,- նշած է ան։

Յիշեցնենք, որ Արմէն Գրիգորեանն ըսած էր, որ Ղարաբաղի հարցի հիմնական օրակարգն այն է, թէ «ինչպէս կարող ենք միջազգային մեքանիզմ ստեղծել, որ Լեռնային Ղարաբաղն ու եւ Ատրպէյճանը քննարկեն Ղարաբաղի հայերի անվտանգութիւնն ու իրաւունքները»: «Մենք յոյսով ենք, որ այդ գործընթացում կը կարողանանք ձեւաւորել միջազգային մեքանիզմ, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի միջեւ իրաւունքների եւ անվտանգութեան հարցերի շուրջ քննարկումների հնարաւորութիւն լինի»։