image

Արցախի հարցին կապակցութեամբ. Բաց նամակ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին

 Արցախի հարցին կապակցութեամբ. Բաց նամակ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Սագօ  Արեան լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝

 Երեւան 01.08.2023

 

Վեհափառ Տէր,

Երկար ժամանակէ ի վեր կը մտորէի գրել այս նամակը, տրուած ըլլալով, որ մեր ժողովուրդը կ'անցնի օրհասական պահերէ։

 Խօսքը անշուշտ Արցախի ծանր վիճակին մասին է, որ արդէն 233 օրէ ի վեր կը մնայ պաշարուած: Արցախը յայտնուած է մարդասիրական շատ ծանր ճգնաժամի մը առջեւ՝ դեղորայքի խնդիր, օրուայ հացի խնդիր, նուազագոյն պէտքերու խնդիր, եւ անշուշտ ջուրի, ելեկտրամատակարարման, վառելանիւթի եւ այլ խնդիրներ: Այս բոլորը կու գան աւելիով սեղմել մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ հերոսական էջեր գրած արցախցիի սովորական առօրեան: 

Մթագնած է հայոց աշխարհը, յայտնուած ենք լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ եւ այդ առումով բարեկամեցողութեան խօսքերէն, խրախուսիչ յորդորներէն ու հայրական մօտեցումներէն անդին մենք կարիքն ունինք գործնական քայլերու: Այս առումով է նաեւ, որ կը դիմեմ ձեզի: 

Ինչպէս բոլորս գիտենք, 9 Ապրիլ 2019-ին, դուք շատ մեծ դիւանագիտական քայլով մը Անթիլիասի մայրավանքին մէջ անձամբ ընդունեցիք Լիբանանի մօտ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պըն Ապտալլա Պուխարին: Հանդիպումը ոչ միայն քաղաքավարական բնոյթ կը կրէր, այլ իր մէջ կը պարունակէր շատ աւելի խորունկ եւ իմաստալից «պատգամ»ներ: Դեսպանը անձամբ մօտեցաւ Անթիլիասի մայրավանքի շրջաբակին մէջ գտնուող եւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին կանգնեցուած մատուռ-կոթողին եւ իր յարգանքի տուրքը մատուցեց 20-րդ դարու հայոց նահատակներու յիշատակին: Այդ քայլը նաեւ խորքին մէջ օրինակ պէտք է դառնար Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած յատկապէս արաբական բոլոր ազդեցիկ տէրութիւններու դեսպաններուն, որոնք ջերմ եւ բարեկամական զգացումներ ունին մեր ժողովուրդին հանդէպ: Այդ դրուագէն ետք, եւ այն օրէն յատկապէս, մեր մտքին մէջ է, որ Վեհափառ հայրը պիտի կարողանայ նոր կամուրջներ բանալ դէպի Սէուտական Արաբիա, եւ այդ կամուրջները պիտի ծառայէին ոչ միայն վիրաւոր Լիբանանին, լիբանանահայ գաղութին ու Լիբանանի ժողովուրդին, այլ ամբողջ հայութեան: 

 Աւելի ուշ 20 Դեկտեմբեր 2022-ին, կրկին ընդունելով Սէուտական Արաբիոյ դեսպանը, դուք դեսպանին ուշադրութեան յանձնեցիք Ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքին փակումը եւ անոր ծանր հետեւանքները Արցախի ժողովուրդին վրայ եւ խնդրեցիք Սէուտական Արաբիոյ միջամտութիւնը։

Եւ այս առումով այսօր նպատակայարմար կը համարուի, որ Արամ Ա. Կաթողիկոսը օգտագործելով կարեւոր եւ օրհասական պահ՝ «մոմենթում»ը անձամբ նախաձեռնութիւն մը վերցնէ ու կապ հաստատէ Սէուտական Արաբիոյ արի գահաժառանգ Մուհամմետ Պըն Սալման իշխանին հետ: Մենք վստահ ենք, որ վեհափառ հայրը պիտի կարողանայ այդ առումով նոր որակի եւ տրամաբանութեան ստեղծուած կապը ծառայեցնել արցախեան մեր դատին: 

Ճիշդ է թշնամին անողոք է, ճիշդ է թշնամին ուժեղ է, նաեւ յայտնի է արդէն, որ եւրոպական նոյնիսկ ամերիկեան ճնշումները անկարող են ինչ որ բան փոխել այսօր ստեղծուած ընդհանուր պատկերին մէջ, սակայն արաբական եւ յատկապէս իսլամ «մեծ եղբօր մը» կամ ուժեղ եւ ազդեցիկ «եղբօր» մը թելադրանքը շատ աւելի բան կրնայ փոխել ինչը Եւրոպական քրէական դատարանի կողմէ առնուած որոշումները, եւրոպական խորհրդարանի կողմէ հնչած յորդորները կամ նոյնինքն գերտէրութիւն հանդիսացող Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին Ալիեւին ուղղուած զանգերը:

Առ այդ, որդիաբար, աղերսաբար կը խնդրեմ, որ տէրը կանգնիք այս նախաձեռնութեան ու այդպիսով անգամ մը եւս փաստագրէք մեր ժողովուրդին առջեւ, որ տէրն էք այս նախաձեռնութեան յանուն մեր հաւաքական շահերուն եւ յանուն Արցախի մարդասիրական ճգնաժամի աւարտին: 

Վեհափառ Տէր,

Օրեր առաջ հայրենի կառավարութիւնը կարեւոր քայլով մը մարդասիրական օգնութիւններու շարասիւն մը ուղարկեց դէպի Արցախ, որ մինչեւ այս պահը կը շարունակէ մնալ Կոռնիձոր շրջանին մէջ, պարզապէս ազրպէյճանական կողմի անմարդկային վերաբերմունքին եւ անհասկնալի եւ նոյնիսկ անընդունելի խարդաւանքներուն պատճառով: 

Առ այդ, ձեր այս նախաձեռնութիւնը առաջին հերթին, շարժառիթ ունենալով մարդասիրական բեռը Ստեփանակերտ հասցնել, խնդիրը նաեւ պիտի տանի այլ հարթակ գուցէ իսլամական հարթակ եւ ինչու ոչ...։

 Հայ ժողովուրդը դարաւոր եւ հաւատարիմ բարեկամը կը համարուի արաբ եւ իսլամ ժողովուրդներուն: Առ այդ, պէտք է վայրկեան առաջ ձեռք առնել այս նախաձեռնութիւնը ու անցնիլ գործի: 

Ապահով եմ, Վեհափառ Տէր, որ պիտի կարողանաք գլուխ հանել այս մեծ առաքելութիւնը ու վստահ եմ, որ Սէուտական Արաբիոյ հետ կապ հաստատելու բազմաբնոյթ երանգներ եւ ձեւեր կան եւ դուք հայրօրէն կը տիրապետէք այդ բոլորին: 

 

Միշտ որդիաբար՝

Սագօ Արեան  

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...