Այո, ողջ Արցախը վտանգի տակ է։
Հետեւաբար եւ անկասկած վտանգի տակ է ողջ Հայաստանը, ամբողջ հայութիւնը։
Շատ արագ զարգացումներու ժամանակներ կ՚ապրինք։
Ատրպէյճան, իր հեռահար հրթիռներէն ետք ոտքի հանած է նաեւ հեռահար նպատակները։
Մօտիկ անցեալի «Զանգեզուրի միջանցք»ի մասին խօսակցութիւնները «լռած են» կարծէք ու կիզակէտ դարձած է Արցախը։
Այո ողջ Արցախը վտանգի տակ է։
Հետեւաբար եւ անկասկած վտանգի տակ է ողջ Հայաստանը, ամբողջ հայութիւնը։
Էական կը մնայ հասկնալ, հարցադրել ու բարձրաձայն հնչեցնել մէկ խնդիր, Մէկ Գերխնդիր եւ Մէկ Օրախնդիր, հիմա որ Արցախը վտանգուած է, այս փուլին, այս պահուն եւ այսօր ՀԱՅՈՒԹԻՒՆը, ոտքի պիտի կանգնի՞...
Ու այս հարցումին պատասխանով է, որ կ՚ամրագրուի մեր ապագան, այս հողերուն վրայ շարունակել ապրելու մեր պատմական իրաւունքը եւ որպէս ստեղծարար ժողովուրդ ապրելու առաքելութիւնը։
Այս բոլորին համար, մենք կարիք ունինք երկու բանի, մէկը միասնութիւնն է, իսկ երկրորդը հզօր կամքն ու բանակը։
Արցախը օրհասական օրերուն դիմաց է, տեսնենք, այս անգամ ալ պիտի լռէ՞ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ, կամ թէ դուրս գայ իր թմբիրէն եւ պարզէ պայքարի նոր դրօշակ։
Օրերը ցոյց պիտի տան։
«Ա»