image
Հրատապ լուրեր:

Արցախցիները ցոյցեր կ՚ընեն ՀՀ կառավարութեան շէնքի մօտ. Հիմնական պահանջը զոհուածներու դիերուն վերադարձն է

Արցախցիները ցոյցեր կ՚ընեն  ՀՀ կառավարութեան շէնքի մօտ. Հիմնական պահանջը զոհուածներու դիերուն վերադարձն է

Երեւանի կեդրոնին մէջ`կառավարութեան շէնքի մօտ, ցոյցեր կ՚ընթանան Արցախէն բռնի տեղահանուած անձանց մասնակցութեամբ:

Մէկ խումբը ՀՀ իշխանութիւններէն կը խնդրէ 2023 թուականի սեպտեմբերին մարտերու ընթացքին զոհուածներու մարմիններու արտաշիրիմում կազմակերպել։ Միւս խումբը կը խնդրէ պարզել Ստեփանակերտ-Ասկերան ճանապարհին վառելիքի պահեստարանի պայթումէն ետք անհետ կորսուած համարուող 21 անձի գտնուելու վայրը:

Ներկաներէն մէկը՝ Պելլա Գալստեանը, նշած է, որ իրենք քանի մը անգամ այդ հարցը բարձրացուցած են Արցախի նախկին ղեկավարութեան առջեւ եւ նոյնիսկ Ատրպէյճանը իբր համաձայնութիւն տուած է: Սակայն գործընթացը կանգ առած է։

Գալստեանը կը կարծէ, որ արտաշիրիմումը կարելի է կազմակերպել, սակայն ատոր համար պէտք է պայմանաւորուին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները: Կինը նշած է, որ սեպտեմբերեան իրադարձութիւններու ժամանակ կորսնցուցած է իր երկու եղբայրները, անոնցմէ մէկու մարմինը թաղուած է եղբայրական գերեզմանատան մէջ: Ան կրնայ ցոյց տալ գտնուելու վայրը:

Մէկ այլ կին ալ ըսած է, որ իրենց խումբի պահանջն է գտնել Ստեփանակերտ-Ասկերան ճանապարհին տեղի ունեցած պայթումի հետեւանքով 21 անհետ կորսուածները: Անոր խօսքով՝ անոնցմէ մէկը 2023 թուականի հոկտեմբերին կրցած է կապ հաստատել շուշեցի հարազատներու հետ։

Անոնք առաւել քան վստահ են, որ այդ խումբի բոլոր անհետ կորսուածները ողջ են։ Համապատասխան փաստաթուղթերով անոնք արդէն դիմած են Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակին և այլ կառոյցներու։