Յունիս 26-ին, արտակարգ դէպք տեղի ունեցած է Արարատի մարզին մէջ:
Shamshyan-ի հաղորդմամբ՝ ժամը 17:00-ի սահմաններուն ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան Ոստիկանութեան Արարատի բաժին «Արարատ» բժշկական կեդրոնէն ահազանգ ստացուած է, որ «գանկուղեղային փակ թրաումա, գլխուղեղի սալջարդ, ուղեղային քոմա, վերին շնչուղիներու, ծոծրակային շրջանի փակ հիւսուածքներու սալջարդ» ախտորոշմամբ, ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ, իրենց մօտ տեղափոխուած է երեխայ:
Ոստիկաններն ու քննիչները պարզած են, որ վիրաւորը 2-ամեայ Արեգ Ս.-ն է, որ հիւանդանոց տեղափոխուած է Արարատ քաղաքի Կոմիտաս փողոցի շէնքրէն մէկու բակէն:
Պարզուած է նաեւ, որ ժամը 16:50-ի սահմաններուն նշուած շէնքի 2-րդ յարկի բնակարանի ննջասենեակին մէջ խաղալու ժամանակ երեխան բարձրացած է պատուհան եւ պատուհանի բաց փեղկին ամրացուած ցանցին յենած է, որ բացուած է եւ երեխան վար ինկած է պեթոնապատ գետնին:
Աղբիւրի տեղեկութիւններով՝ երեխային «Արարատ» բժշկական կեդրոնէն տեղափոխած են Երեւանի «Սուրբ Աստուածամայր» բժշկական կեդրոն:
Դէպքի փաստով Վետիի քննչական բաժնէն ներս նախաձեռնուած է վարոյթ: