Կառավարութեան որոշմամբ Լոռիի մարզպետ նշանակուած է Արամ Ղազարեանը։
Ղազարեանը տեւական ժամանակ աշխատած է ոստիկանական համակարգի մէջ՝ զբաղցնելով Լոռիի, Գեղարքունիքի եւ Շիրակի մարզային վարչութիւններու պետի պաշտօնները։
Մինչ մարզպետ նշանակուիլը ան 2023-ի յունիսէն Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան ենթակայութեամբ գործող «Երեւան ՋԷԿ»-ի գլխաւոր տնօրէնն էր։
Լոռիի մարզպետ Արամ Խաչատրեանը պաշտօնէն ազատուած էր յունուար 4-ին՝ Նիկոլ Փաշինեանի այցէն ետք։ Վարչապետը յունուար 3-ին Լոռիի մարզի համայնքներուն մէջ ծանօթացած էր Կառավարութեան միջոցներով կառուցուած ու վերանորոգուած դպրոցներու շինարարական աշխատանքներուն։