image

Արամ Ա. Կաթողիկոսն ու Աֆրամ Բ. Պատրիարք քննարկեցին միջեկեղեցական եւ տարածաշրջանային հարցեր

Արամ Ա. Կաթողիկոսն ու Աֆրամ Բ. Պատրիարք քննարկեցին միջեկեղեցական եւ տարածաշրջանային հարցեր

Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ տեղի ունեցած Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ Աֆրամ Բ. Պատրիարքի հանդիպումը եկեղեցական համագործակցութեան եւ քրիստոնէական վկայութեան ամրապնդման ուղղուած կարեւոր քայլ մը հանդիսացաւ։ Երկու հոգեւոր առաջնորդները, իրենց գործընկեր եպիսկոպոսներուն ներկայութեամբ, քննարկեցին միջեկեղեցական երկխօսութեան, Միջին Արեւելքի քրիստոնէական ներկայութեան եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցեր։

Ստորեւ այդ հանդիպման մասին հրապարակուած լրատւութիւնը՝ 

Քիչ առաջ, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, երկար հանդիպում կայացաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Ն.Ս. Աֆրամ Բ. Պատրիարքին միջեւ։ Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էին Գերշ. Տ. Տաճատ Եպս. Աշըգեան, Գերպ. Տ. Պարոյր Ծ. Վրդ. Շէրնէզեան եւ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան, իսկ Պատրիարքին կողքին՝ Պուլոս Արք. Սաֆար, Տանիէլ Արք. Քուրիէ եւ Ժոզէֆ Եպս. Պալի։

Խօսակցութեան ընթացքին արծարծուեցան Վեհափառ Հայրապետին Վատիկան կատարած պաշտօնական այցելութիւնը, արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներուն եւ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ միջեւ շարունակուող աստուածաբանական երկխօսութիւնը, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները։

Հանդիպման ընթացքին յատուկ կերպով անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Մալապարի Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ հետ առնչուած հարցերուն, որոնք վերջին շրջանին կարեւոր տեղ կը գրաւեն միջեկեղեցական յարաբերութիւններու օրակարգին վրայ։