Աղաւնօն Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցնելէ ետք, այդտեղ սկսած են շինարարական աշխատանքներ։
Այդ մասին գրած է ատրպէյճանական Apa գործակալութիւնը՝ նշելով, որ կառուցուած է 223 տուն ունեցող գիւղ։
Այսօր՝ 25 օգոստոսին, առաջին բնակիչներն ուղեւորուած են գիւղ։ Առաջին փուլով եկած է 88 հոգիէ բաղկացած 20 ընտանիք։


