image

Առաջին բնակիչներն ուղեւորուած են Ատրպէյճանի տիրապետութեան տակ անցած Աղաւնօ (լուսանկարներ)

Առաջին բնակիչներն ուղեւորուած են Ատրպէյճանի տիրապետութեան տակ անցած Աղաւնօ (լուսանկարներ)

Աղաւնօն Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցնելէ ետք, այդտեղ սկսած են շինարարական աշխատանքներ։

Այդ մասին գրած է ատրպէյճանական Apa գործակալութիւնը՝ նշելով, որ կառուցուած է 223 տուն ունեցող գիւղ։

Այսօր՝ 25 օգոստոսին, առաջին բնակիչներն ուղեւորուած են գիւղ։ Առաջին փուլով եկած է 88 հոգիէ բաղկացած 20 ընտանիք։