ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ պաշտպանութեան նախարար Փիթ Հեկսըթ երկուշաբթի յայտարարած են երկրի պատմութեան մէջ առաջին անգամ 1 թրիլիոն տոլար արժողութեամբ պաշտպանական պիւտճէի ստեղծման ծրագրերու մասին, որ մրցանշային գումար է բանակի համար: Այս մասին գրած է politico.com-ը:
Թրամփ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի հետ մամուլի ասուլիսի ժամանակ ըսած է, որ պիւտճէն պիտի ըլլայ 1 թրիլիոն տոլարի չափով։
«Ոչ ոք նման բան տեսած է: Մենք պէտք է կառուցենք մեր բանակը, եւ մենք շատ գումար կը խնայենք, բայց բանակը այն բանն է, որ մենք պէտք է կառուցենք: Եւ մենք պէտք է ուժեղ ըլլանք, քանի որ հիմա շատ չար ուժեր կան», - նշած է ԱՄՆ նախագահը:
Երկուշաբթի երեկոյեան Հեկսըթը X-ի էջին գրառման մէջ ըսած է, որ Թրամփ «կը վերակառուցէ բանակը եւ այդ կ՚ընէ արագ»:
«ՇՈՒՏՈՎ. առաջին ԹՐԻԼՈՆ տոլար պաշտպանական պիւտճէն: Յ.Գ. մենք մտադիր ենք խելամտօրէն ծախսել հարկատուի իւրաքանչիւր տոլարը», - գրած է ան:
Քոնկրեսն այս տարի ազգային պաշտպանութեան ծրագրերու համար յատկացուցած է 892 միլիառ տոլար, որ կը ներառէ Փենթակոնի ծախսերը, միջուկային զէնքի մշակումը եւ այլ գերատեսչութիւններու անվտանգութեան ծրագրերը: