image

«Արագօրէն դուրս եկէք Ուքրանիայէն». ԱՄՆ-էն ետք Գերմանիան կոչ ըրաւ իր քաղաքացիներուն

«Արագօրէն դուրս եկէք Ուքրանիայէն». ԱՄՆ-էն ետք Գերմանիան կոչ ըրաւ իր քաղաքացիներուն

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յամառօրէն խորհուրդ կու տայ երկրի քաղաքացիներուն լքել Ուքրանիան եւ զերծ մնալ այնտեղ մեկնելէ։ Այս մասին ըսուած է Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ, գրած է ԹԱՍՍ-ը։

«Նախազգուշացումներ տրուած են Ուքրանիա ուղեւորութիւններու դէմ: Գերմանիոյ քաղաքացիներուն յամառօրէն խորհուրդ կը տրուի լքել երկիրը», - ըսուած է Գերմանիոյ ԱԳՆ յայտարարութեան մէջ:

Ինչպէս աւելի վաղ յայտնած էր arevelk.am-ը, Ուgրանիոյ մէջ ԱՄՆ դեսպանատունը տարածած է հաղորդագրութիւն, ըսելով, որ Պետական քարտուղարութիւնը տեղեկութիւններ ունի, որ Ռուսիան կ'ուժեղացնէ ջանքերը՝ յառաջիկայ օրերուն Ուքրանիոյ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներուն եւ կառավարական կառոյցներուն հարուածներ հասցնելու ուղղութեամբ։

«ԱՄՆ դեսպանատունը կոչ կ'ընէ ԱՄՆ քաղաքացիներուն այժմ լքել Ուքրանիան՝ օգտագործելով մասնաւոր ցամաքային փոխադրային միջոցները, եթէ այդ անվտանգ է», -ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: