image

Արա Սանճեան. Դժուար Է Գրել Պետրոս Յովհաննիսեանի Մահուան Կապակցութեամբ

Արա Սանճեան. Դժուար Է Գրել Պետրոս Յովհաննիսեանի Մահուան Կապակցութեամբ

Դժուար է ինծի համար գրել Պետրոս Յովհաննիսեանի մահուան կապակցութեամբ։ Միայն երկու օր առաջ` Ուրբաթ օրը ձեռքս անցած էր իր կազմած Յակոբ Զօրեանի պատմագիտական երկասիրութիւններու ժողովածուն, որ Երեւանէն կը սպասէի շաբաթներէ ի վեր։ Յակոբ Զօրեանի մասին առաջին անգամ իրմէ լսած էի 1986-1987 թթ., երբ անձնական իր գրադարանէն ինծի ժամանակաւորաբար փոխ տուած էր 1937 թուականի գիտական հանդէս մը (որ կը սկսէր Օրջոնիկիձէի մահուան մասին պաշտօնական լրատուութեամբ) որպէսզի այնտեղ տպուած Զօրեանի մէկ յօդուածը օգտագործէի առաջին կուրսի կուրսային աշխատանքիս մէջ։ Այդ ժամանակ Պատմութեան Ֆակուլտետի դեկանի տեղեակալն էր եւ սփիւռխահայ ուսանողներուս ապաւէնը` բոլոր տեսակի հարցերու կապակցութեամբ։ Կ՛ըսէին թէ սփիւռքահայ ուսանողներուն հանդէպ բարեացակամ էր, որովհետեւ իր տիկինն ալ «ախպար» էր։ Պատմութիւն կը դասաւանդէր հեքիաթասացի մը հեզասահութեամբ։ Կարծես առջեւդ թատերական պատկերներու շղթայ մըն էր։ Կարճ ժամանակ ետք զիս «յանձնեցին» աւելի խստապահանջ Բաբկէն Յարութիւնեանին` որպէսզի աւելի լաւ թրծուիմ իրբեւ հետազօտող։ Բայց Պէյրութ իւրաքանչիւր այցելութենէս ետք Պետրոս Յովհաննիսեանի բարեկամները զիս Երեւան կը ճանապարհէին` բեռնաւորուած իբրեւ նուէր իրեն ուղարկուած նոր հրատարակութիւններով։ Գիրք հաւաքելու անսահման սէր ունէր։ Համալսարանն աւարտելէ ու Երեւանէն հեռանալէս ետք, մեր միջեւ կանոնաւոր նամակագրական կապ հաստատուեցաւ։ Երբ տարի մը Լիբանանի մէջ դասաւանդեց, ես այդ ժամանակ Լոնտոն կը գտնուէի, բայց այցելած էր մեր բնականարանը ու ծանօթացած ծնողներուս ու մեծ մօրս հետ։ Այս ամէնը փուլ եկաւ, սակայն, 2001 թուականին` Արմէն Այվազեանի ամերիկահայ պատմագրութիւնը քննադատող հատորին շուրջ յառաջացած փոթորիկին հետեւանքով։ Ֆէյսպուքեան ստատուսի տարածքը փոքր է եւ անյարմար այդ դրուագին մանրամասները շարադրելու համար, բայց կոտրած բաժակը 15 տարուան ընթացքին երբեք չշտկուեցաւ, եւ առ այսօր երբ Հայաստան երթամ իմ շրջանակս ազգագրագէտներն են, արեւելագէտները, Պատմութեան Ֆակուլտետի Համաշխարհային եւ Արուեստի ամբիոնները, եւ ո՛չ թէ Հայոց Պատմութեան Ամբիոնը, որուն շրջանաւարտն եմ։ Ինչեւէ։ Վարժուեցայ այս ցաւին, մանաւանդ որ մօտիկ ապագային արմատական բարեփոխում չեմ ակնկալեր։ Այսուհանդերձ, «խզման» այս տարիներուն անգամ, կանոնաւորաբար հետեւեցայ Պետրոս Յովհաննիսեանի առաւելաբար խմբագրական աշխատանքներուն։ Իր ամբողջացուցած Մանանդեանի շարքը, Ադոնցի բազմահատորեակը, եւ ահա՛ Յակոբ Զօրեանի միահատորեակը այժմ անձնական գրադարանիս մաս կը կազմեն։ Վստահ եմ. որքան ատեն, որ բանականութիւնս տեղն է, յաճախակի պիտի վերադառնամ հայ պատմագիտութեան այս գագաթներու հատորներուն եւ ամէն անգամ, երբ անոնցմէ մէկը ձեռքս առնեմ, պիտի յիշեմ Պետրոս Յովհաննիսեանը։ Իր մահուան բօթը լսելէս մի քանի ժամ առաջ միայն, երբ կը թերթատէի նոր ստացած Զօրեանի հատորս, կը մտածէի թէ Յովհաննիսեանի յաջորդ նախաձեռնութիւնը պէտք է ըլլայ Ստեփան Պալասանեանի պատմագիտական երկերէն ժողովածու մը կազմելը։ Բայց … Աստուծոյ հաշիւները ուրիշ են եղեր…: