Լոս Անճելըսի Կեդրոնական գրադարանին մէջ, 18 Հոկտեմբերէն ի վեր տեղի կ'ունենայ Արա Օշականի լուսանկարներու եւ այլ ստեղծագործութիւններու ցուցադրութիւնը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ 11 Յունուար 2026։
Ցուցադրութիւնը կ'անդրադառնայ Լոս Անճէլըսի հայ համայնքի կեանքին եւ անցեալին ու ապագային հետ անոր կապերուն։ Յատուկ տեղ յատկացուած է նաեւ Ղարապաղէն տեղահանուածներու տագնապին, անդրադառնալով այն տխուր իրականութեան, որ անոնց մէկ մասը Հայկական Սփիւռքին մէկ մասնիկը սկսած է դառնալ։ Անդրադարձ կայ նաեւ «Վերադարձ»ի իղձերուն։ Ցուցադրութեան մէկ մասին համար, Օշական գործակցած է յայտնի հեղինակ Միշլին Ահարոնեան Մարքըմի հետ