Եւրոպայի ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան տարածաշրջանային կեդրոնի նախաձեռնութեամբ, Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ, Յուլիսի երրորդ շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի հովանաւորութեամբ գործող «Հարաւարեւելեան Եւրոպայի կենսունակ արհեստները» խորագրեալ լուսանկարներու բացօթեայ ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած են նաեւ Հայաստանի արհեստները, յատկապէս գորգագործութիւնը, դարբնութիւնը, խաչքարագործութիւնը, բուրդի մշակումը։
Սոյն ցուցահանդէսին Հայաստանի մասնակցութիւնը ապահոված են Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի նախարարութիւնը, «Յովհաննէս Շարամբէեան» եւ Հայոց ազգագրութեան թանգարանները, ինչպէս նաեւ «Տէրեան» մշակութային կեդրոնը։
Ցուցահանդէսին ներկայացուած լուսանկարները խօսուն վկան եղած են Հարաւարեւելեան Եւրոպայի ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան տարածաշրջանային կեդրոնին անդամակցող 17 պետութիւններու 14 արհեստներուն։
Ցուցադրութեան նպատակը եղած է բացայայտել տարածաշրջանի ժողովուրդներու մշակութային ժառանգութեան խոր կապերը, ինչպէս նաեւ ընդգծել արհեստներու դերը ընկերային համերաշխութեան եւ մարդու ստեղծագործական ներուժի զարգացման մէջ։